«Նոր Թուրքիոյ Մը Հաստատումը Թուրք-Քրտական Հաշտութենէն Կախեալ Է»

Մարգար Եսայեան թրքական «Զաման» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ 2009-ին ընթացք առած խաղաղութեան բանակցութիւններու իմաստն այն է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը հրաժարած է քրտական հարցին նկատմամբ իր 35-ամեայ անցեալի մօտեցումէն: Մինչ այդ մէկը կատարելը դժուար էր, իրողութեան մէջ ատկէ աւելին կատարուեցաւ:

Քիւրտերուն հետ նոր համաձայնութեան մը հաւասարութեան հիմքով կատարելը կը նշանակէր, որ պետութիւնը 1913-ին, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին կողմէ ստեղծուած եւ ապա 1924-ին սահմանադրութեան մէջ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ որդեգրուած մտածելակերպին ողնասիւնը պիտի կոտրէ:

Այդ մէկը, սակայն, հարց պիտի յառաջացնէր. մարդիկ քիւրտերու եւ ուրիշներու հաւասար պիտի ուզէի՞ն նկատուիլ: Ասիկա կարեւոր հարց մըն էր, որովհետեւ պետութիւնը այս հարցումին պատասխանին վրայ պիտի հիմնուէր:

Եսայեան կը հաստատէ, որ իրողութեան մէջ կարծէք 1919-ի եւ 1924-ի վճռական ժամանակահատուած վերադարձած ենք: Ինչպէս ծանօթ է, այդ ժամանակ Աթաթուրքը քիւրտերուն ինքնավարութիւն եւ դաշնակցային դրութիւն խոստացաւ: 1921-ին առաջին խորհրդարանը եւ առաջին սահմանադրութիւնը բաւական ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած էին:

Միութեան իրագործումը Աթաթուրքի ղեկավարութեան համար օրինական հիմքի կը կարօտէր: Քիւրտերը նաեւ 1915-ի «հայկական ջարդերուն» մեղսակիցներ էին: 1915-էն անմիջապէս առաջ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի գլխաւոր թեզը այն էր, որ եթէ հայերը չբնաջնջուին, անոնք ռուսերուն հետ պիտի գործակցին եւ թուրքերն ու քիւրտերը Անատոլուէն վտարեն: Քիւրտերը այս թեզէն խաբուելով` իրենց պատմական դրացիները բնաջնջելու համար օգտագործուեցան:

Ինչո՞ւ նոր պետութեան հաստատման ընթացքին քիւրտերուն այդ խոստումը տրուեցաւ եւ ինչո՞ւ մոռցուեցաւ: Աթաթուրքի իշխանութեան ամրապնդումին նախորդող վճռական հանգրուանին քիւրտերը հաւասարութեան խոստումէն խաբուեցան: 1925-ին պետութիւնը քիւրտերուն դէմ ձեռնարկեց բռնութեան եւ բռնաճնշումի քաղաքականութեան մը, որ երբեք չդադրեցաւ եւ մինչեւ 2009 ի զօրու մնաց:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը քրտական հարցի լուծման հոլովոյթի ճամբով կը փորձէր այս պատմական հոգեկան ցնցումը սրբագրել եւ յարաբերութիւնը հիմնել փոխադարձ վստահութեան ու հաւասարութեան վրայ: Այդ մէկը կատարելու համար 1924-ի մտածելակերպով ստեղծուած պետական կառոյցէն պէտք էր հրաժարիլ եւ զայն փոխարինել նոր մօտեցումով մը:

Այն իրողութիւնը, որ 35-ամեայ հակամարտութեան ընթացքին 40 հազար զոհ արձանագրուեցաւ, եւ երկու կողմերը անկարող էին յաղթանակ արձանագրել, ցոյց կու տայ, որ թուրքերը եւ քիւրտերը իրարու հետ ապրելու դատապարտուած են: Սակայն քիւրտերը լուծուելու կամ մասնակի քայլերու, ներառեալ արեւելեան շրջաններուն մէջ զարգացման ծրագիրներու ճամբով գոյանալիք համակեցութիւնը չեն ընդունիր: Անոնք մտածելակերպի եւ մօտեցումի փոփոխութեան ճամբով պետականացուած հաւասարութիւն մը կը պահանջեն:

Այժմ այս նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ սթաթիւս քոյի զօրակցող շրջանակներու կողմէ լուրջ դիմադրութեան կ՛արժանանայ: Տակաւին կը գոյատեւէ ազգայնական մօտեցում մը, ըստ որուն, առաջին հերթին ՔԱԿ-ը պարտութեան պէտք է մատնել, ապա ստիպել, որ բանակցութեան սեղան նստի: ՔԱԿ-ը կրնայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ըլլալ, սակայն անոր գոյութեան պատճառը խտրականութեան քաղաքականութիւնն է: Ուստի անիկա մեծ ժողովրդականութիւն ունի: Թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Իլքեր Պաշպուղ ըսած է. «Մենք 26 տարուան ընթացքին ՔԱԿ-ը հինգ անգամ կործանեցինք», ինչ որ ճիշդ է, սակայն ՔԱԿ-ը իսկութեան մէջ երբեք չկործանեցաւ:

ՔԱԿ-ի եւ քրտական հարցերուն լուծման համար պետութեան մէջ նկատառելի փոփոխութիւն մը անխուսափելի էր, ուստի այն, ինչ որ կառավարութիւնը կատարեց, ճիշդ էր: Առնուած քայլերը կրնան բաւարար չըլլալ, սակայն ուղին ճիշդ է: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայիս յարձակումի ենթարկուիլը ցոյց կու տայ, որ իսկական խնդիրը քրտական հարցի լուծումն է, որովհետեւ հին Թուրքիայէն ու անոր ուժի հաւասարակշռութենէն վերջնական ելքը կախեալ է թուրք-քրտական հաշտութեան գոյացումէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES