Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»
Հինգշաբթի, 23 յունուար 2014-ին, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ընկերակցութեամբ իրենց հայոց լեզուին եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ Պարգեւ Սամուէլեանի:
Աշակերտները նախ ծանօթացան Շահանդուխտին եւ հարցումներ ուղղեցին ընդհանրապէս, թէ ինչպէս կարելի է յաջողութեան հասնիլ:
Ապա անոնք այցելեցին «Ազդակ»-ի մամլոյ ուսումնասիրութեան «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը, ուր լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան տեղեկութիւն տուաւ ուսումնասիրական կեդրոնի գործունէութեան մասին, նոյնպէս «Ազդակ»-ի տասը էջերուն պատրաստութեան, գիշերային աշխատանքներու բաժանումին մասին` մանրամասն բացատրութիւններով:
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին եւ ծանօթացան գրաշարներու, էջադրողին, սրբագրողին աշխատանքներուն, համակարգչային դրութեամբ:
«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի գրասենեակին մէջ անոնք ծանօթացան յօդուածագիրներու աշխատակցութեան, արտասահմանի հետ թղթակցութեան կապերուն: Ան հարցումներ ուղղեց աշակերտներուն, որոնք պատասխանեցին խանդավառութեամբ:
«Ազդակ»-ի 86 տարիներու հաւաքածոները պահպանած սենեակին մէջ ծանօթացան հաստափոր հաւաքածոներուն, որոնց թուայնացումը կը կատարուի այս օրերուն:
Աշակերտները այցելեցին գրագէտ եւ խմբագրապետ Պօղոս Սնապեանի աշխատասենեակը, ուր արտայայտեցին իրենց զգացումները` արտասանելով հայոց լեզուի մասին քերթուածներ:
Նախքան մեկնիլը, անոնք տեսան քարտուղարուհի Նելլի Աբրահամեանի աշխատանքը, որ թերթը կ՛ուղարկէր արտասահման` համացանցով:
Օգտաշատ այս այցելութիւնը աւարտեցաւ յիշատակի լուսանկարներով:

