Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հինգշաբթի, 23 յունուարին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Կրօնական ժողովը կը բաղկանայ 13 անդամներէ` վանաբնակ միաբաններէ ու թեմակալ առաջնորդներէ:
Նախ եւ առաջ Կրօնական ժողովը ընդհանուր ակնարկով քննեց Ազգային ընդհանուր ժողովէն յետոյ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար պատրաստուած Կրօնական ժողովի ուղեցոյցը` կատարելով անհրաժեշտ յստակացումներն ու շեշտաւորումները: Ապա, յաջորդաբար քննարկեց օրակարգի գլխաւոր հարցերը. Քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կիրակնօրեայ վարժարաններ, կրօնական հրատարակութիւններ, երիտասարդութեան յատուկ ծրագիրներ ու աշխատանքներ, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւն, հայ եկեղեցւոյ բարեկարգում (Եպիսկոպոսաց ժողով, ծիսական ու սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներ), դպրեվանք, միաբանական ընդհանուր ժողով ապրիլին, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւն (ՀԵՀՈՄ), Հայ համալսարանաւարտներու միութիւն, թեմերէ եկած հարցեր ու առաջարկներ: Յիշեալ իւրաքանչիւր նիւթի մասին առանձին զեկուցումներ տրուեցան ու քննարկումներ կատարուեցան: Յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ եղաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու երիտասարդութեան առնչուած ծրագիրներուն:
Վեհափառ հայրապետը միօրեայ ժողովի աւարտին եզրակացնելով կրօնական մարզին առնչուած կաթողիկոսութեան աշխատանքները ըսաւ. «Ճի՛շդ է, որ Կրօնական ժողովը զանազան ծրագիրներ կը մշակէ` եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան առնչուած եւ տարբեր բնագաւառներուն հետ կապ ունեցող, սակայն անոնք մաս կը կազմեն մէկ ամբողջութեան: Ա՛յս հայեցակէտով անհրաժեշտ է մօտենալ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան: Բոլոր աշխատանքներն ու ծրագիրները առաջնահերթութիւն են. սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին շեշտաւորումը կապ ունի տեղական պայմաններուն ու մեր ժողովուրդի կարիքներուն հետ: Օրինակ, առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ընծայուի այսօր մեր երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու եւ` եկեղեցին դէպի երիտասարդութիւն առաջնորդելու աշխատանքին: Երիտասարդութիւնը այսօր տարբեր մտածումներ, մտահոգութիւններ ու մօտեցումներ ունի, որովհետեւ տարբեր աշխարհի մէջ կ՛ապրի: Եկեղեցին պէտք է համապատասխան մօտեցում որդեգրէ: Նո՛յնը կարելի է ըսել քրիստոնէական դաստիարակութեան մասին: Անհրաժեշտ է աւանդական ու դասական մեթոտներէ հեռու մնալ եւ տարբեր ձեւերով մօտենալ այսօրուան մարդուն, մանուկին թէ երէցին, որովհետեւ անոնք համաշխարհայնացումին հետեւանքները կ՛ապրին իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցին լուրջ վերատեսութեան ենթարկէ իր առաքելութիւնը` իր բոլոր երեսներով»:

