Ֆրանչիսկոս Պապը Համացանցը Աստուծոյ Պարգեւը Նկատած Է

Ֆրանչիսկոս պապը

Ֆրանչիսկոս պապը

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ  Ֆրանչիսկոս պապը նշած է, որ համացանցը Աստուծոյ պարգեւն է, որ կ՛օգնէ դիւրացնելու մարդոց միջեւ երկխօսութիւնը, թէեւ երբեմն ուղղակի հաղորդակցութեան համար:

«Ատիկա իսկապէս անհրաժեշտութիւն է, Աստուծոյ պարգեւ: Բայց եւ այնպէս, մշտապէս համացանցի վրայ ըլլալու ցանկութիւնը կրնայ մեր մտերիմներէն մեկուսանալու առաջնորդել: Ուղղակի հաղորդակցութիւնը թուային ճարտարագիտութիւններու դարաշրջանին մէջ կարծես ցաւը մեղմացնող օշարակ եւ սիրտը ուրախացնող լաւ գինի ըլլայ», ըսած է պապը:

Հռոմի եպիսկոպոսապետին կարծիքով` համացանցը կարելիութիւն կու տայ տարբեր մշակոյթներու պատկանող մարդոց հանդիպելու եւ անոնց հետ հասարակաց լեզու գտնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES