«Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» Կեդրոնը Կը Ստանձնէ Արխիւներու Թուայնացման Աշխատանքներ

11452149514Այն հաստատութիւններն ու միութիւնները, որոնք կ՛ուզեն իրենց արխիւները թուայնացնել, կրնան դիմել «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոն: Լիբանանահայ մամուլի տնօրէնութիւնները եւս մամուլի հաւաքածոներու թուայնացման համար կրնան օգտուիլ այս ծառայութենէն:

«Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը կը ստանձնէ նաեւ ընտանեկան արխիւներու թուայնացման աշխատանքը (ձեռագիրներ, հնատիպ հրատարակութիւններ, լուսանկարներ):

Բոլոր բնագիրները, յետ թուայնացման, կը վերադարձուին իրենց սեփականատէրերուն:

Share this Article
CATEGORIES