Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Ռատարի Միասնական Համակարգ Կը Մշակեն

RadarԶինուորական աղբիւրներ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կը ստեղծեն Բարեկամի եւ թշնամիի ճշդման ռատարի միասնական համակարգ:

Այդ համակարգը երկու երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կ՛արտօնէ ճանչնալ «բարեկամ» օդանաւերն ու այլ երկիրներու թռչող սարքերը:

Ներկայիս հարցը կը քննարկուի երկու երկիրներու համապատասխան նախարարութիւններուն կողմէ: Այդ հարցը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի այցելութեան օրակարգին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES