Միացեալ Նահանգներու Չինաստանին Պարտքը` 1.317 Եռիլիոն Տոլար
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Պլումպըրկ»-ի, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` Չինաստանին ունեցած պետական պարտքը նոյեմբեր 2013-ին հասած է մրցանշային ցուցանիշի` 1.317 եռիլիոն տոլարի:
Նախարարութիւնը նշած է, որ օտարերկրեայ անձնական ներդրումները նուազած են 30.5 միլիառ տոլարով, իսկ պետականները աւելցած` 13.9 միլիառ տոլարով:
Վերջին տարիներուն Չինաստան համաշխարհային տնտեսական աճի գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկն է: Սակայն հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ անոր դիրքերը տակաւին ամբողջական կերպով չեն արտացոլեր այդ երկրին աճող տնտեսական հզօրութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային

