«Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայմանը Վրացական Շրջաններէն Հրաժարիլն Է» Կ՛ըսէ Փանճիքիծէ

Մայա Փանճիքիծէ
«Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի յարաբերութիւններու վերականգնման կը խանգարէ Վրաստանի դիրքորոշումը` շրջանին մէջ նոր իրականութիւնը չընդունելու առնչութեամբ, յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը կարելի չէ, այնքան ատեն, որ Վրաստանի տարածքին 20 առ հարիւրը տակաւին գրաւուած է եւ Մոսկուա կը ճանչնայ վրացական երկու շրջաններու անկախութիւնը:
«Մենք Ռուսիոյ հետ բնական յարաբերութիւններ պիտի հաստատենք միայն պահպանելով այն «կարմիր գիծեր»-ը եւ սկզբունքները, որոնք կը կոչուին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւն եւ գերիշխանութիւն: Այդ սկզբունքներու խախտման պարագային Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում տեղի պիտի չունենայ», ըսած է Փանճիքիծէ:
Մեկնաբանելով Լաւրովի յայտարարութիւնը` Վրաստանի հաշտեցման նախարար Փաաթա Զաքարէիշվիլի յայտարարած է, որ դրական կը գնահատէ անոր խօսքերը տնտեսական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ համագործակցութեան եւ Սոչիի Ողիմպիական խաղերու անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ:
«Նոր իրականութիւնը իրապէս կայ, եւ այդ այն է, որ Ռուսիան առաջուան նման չի կրնար ներգրաւուիլ խաղաղապահ հոլովոյթներուն մէջ, որովհետեւ ան նախայարձակ եւ բռնագրաւող կողմ կը հանդիսանայ», ըսած է ան:

