«Ընկերակցութեան Նախագիծի Ծիրին Մէջ Մենք Յաւելեալ Նախապատուութիւններ Չենք Տեսներ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Ազրպէյճան Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու հարցը չի քննարկեր, սակայն կրնայ ռազմավարական գործընկերութեան տարբերակը քննարկել:

«Ոչ, չենք ծրագրեր: Ես կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ փոխյարաբերութիւններու մակարդակը, հաւանաբար, աւելի բարձր տեսակի համագործակցութիւն կը պահանջէ, քան ընկերակցութիւնը: Եւ յետոյ, ինքնին «ընկերակցութիւն» բառը այնքան ալ ընդունելի չէ մեզի համար», ըսած է ան:

«Ընկերակցող անդամ»` ատիկա ի՞նչ գործընկեր է: Այստեղ չկայ յստակ սահմանում: Ազրպէյճան բոլոր իմաստներով ինքնաբաւ երկիր է` ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական առումով: Որեւէ համարկման հոլովոյթի պէտք է դիմել` յաւելեալ նախապատուութիւններ ստանալու նպատակով: Մենք տակաւին ընկերակցութեան նախագիծի ծիրին մէջ ատիկա չենք տեսներ», ընդգծած է Ալիեւ:

Share this Article
CATEGORIES