Ազրպէյճան Ռուսիայէն Զինուորական Ուղղաթիռներ Ստացած Է

Ազրպէյճանին մատակարարուած ռուսական ուղղաթիռ մը

Ազրպէյճանին մատակարարուած ռուսական ուղղաթիռ մը

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական «Ռուսիոյ ուղղաթիռներ» ընկերութիւնը աւարտած է Ազրպէյճանին զինուորական նոր ուղղաթիռներու մատակարարումը:

Ընդհանուր առմամբ Ազրպէյճան ստացած է «Մի-35Էմ» տիպի 25 ուղղաթիռներ, որոնք պիտի համալրեն Ազրպէյճանի օդուժի կազմին մէջ գոյութիւն ունեցող «Մի-24Ճի» ուղղաթիռները: Վերջիններս նախապէս արդիականացուած էին ՕԹԱՆ-ի չափանիշներուն համապատասխան:

Ռուսիոյ մատակարարած ուղղաթիռները օժտուած են գիշերային տեսողութիւն ապահովող սարքաւորումով, ինքնապաշտպանական համակարգերով: Բացի ատկէ, Պաքու ստացած է հակահրասայլային հրթիռներ, գնդացիրներ եւ հրասանդներ: Զինուորական սարքերու մատակարարումը կատարուած է 2010-2011-ին ստորագրուած ռուս-ազրպէյճանական երեք միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրներու հիման վրայ:

Ըստ փաստաթուղթերուն, Ազրպէյճան Ռուսիայէն պիտի ստանայ նաեւ հակաօդային հրթիռներու համակարգեր, բազմաթիրախային ուղղաթիռներ: Յունիս 2013-ին Ազրպէյճան Ռուսիայէն ստացած է մարտական հրասայլեր, հրետանային սարքաւորումներ եւ այլ զինուորական սարքեր:

Share this Article
CATEGORIES