«Ասատ Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Դիմաց Արգելք Մըն Է» Ըսաւ Քերրի

Ճոն Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման դիմաց արգելք մըն է»` աւելցնելով, որ «աշխարհը Ասատի տապալումէն ետք Սուրիոյ մէջ ալեւիներն ու փոքրամասնութիւնները պիտի պաշտպանէ»:
«Բոլոր անոնք, որոնք սուրիացիներու արիւնահեղութեան մեղսակից չեղան պէտք է Սուրիոյ ապագային համար աշխատին», ըսաւ ան` նշելով, որ «Ասատ պատերազմական ոճիրներ գործեց եւ ան լուծումին պատրաստ չէ»:
Քերրի ըսաւ, որ «Իրան պէտք է անկեղծօրէն որդեգրէ «Ժընեւ-1»-ի յայտարարութիւնը» եւ հերքեց, որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դիմակայման համար Ասատի ուժերուն հետ որեւէ համակարգում գոյութիւն ունի»: «Ասատ համայնքային սպանութեան պատճառով ինքն է, որ ահաբեկիչները կը ներքաշէ», ըսաւ ան:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Իրանի հետ համաձայնութիւնը մեզ չի մղեր մեր դաշնակիցներէն հրաժարելու»` նշելով, որ «եթէ Իրան հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը չյարգէ, զինուորական ընտրանքը անմիջապէս կը վերականգնի»:
«Միջին Արեւելքը Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարի համաձայնութենէն ետք աւելի ապահով է», ըսաւ Քերրի:
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ «բազմաթիւ երկիրներ պատրաստ են Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու»` նշելով, որ «մենք Սուրիոյ մէջ Իրանի արարքները կը դատենք եւ ոչ թէ խօսքերը»:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ գործուող պատերազմական ոճիրներուն համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու անոր մտերիմները ամբաստանելու չաճապարել, նախքան այդ ոճիրները հետաքննելը: «Չենք կրնար կանխաւ յայտարարել, որ Ասատ ոճրագործ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Ասատ պետութեան նախագահ է, եւ զինք կարելի չէ անտեսել, իսկ երկրին մէջ կացութիւնը շատ դժուար է»: Ան կոչ ուղղեց անմեղութեան կանխավարկածը չմոռնալու:
Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան իր կարգին «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Ասատէն իշխանութենէն հեռանալ պահանջող Քերրիի կեցուածքը «գաղութատիրական» է: Ան ըսաւ, որ «մենք Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի նման այլ երկիրներու ներքին գործերուն չենք միջամտեր»:
Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հասաքայի Մալիքիէ քաղաքի առեւտրական շուկային մէջ ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցած է: Արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:

