Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց ղպտիներու պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց եգիպտացի ժողովուրդին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ձեւական կառավարութիւն մը, որ պիտի սպասէ Սուրիոյ մէջ տիրող անորոշ իրավիճակին յստակեցման. ան աւելցուց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը պիտի շարունակուի նոյն ընթացքով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ սպառնացող խմբաւորումը, որ նախանցեալ օր հրապարակաւ յայտարարութիւններ կատարած էր, բացայայտուած է եւ ստացած սուր դիտողութիւն մը: Նոյն աղբիւրին համաձայն, դիմակաւոր զինեալներու խմբաւորումը Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւններէն մէկուն հետ առնչուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները մուտք գործած են խոցելի հանգրուան մը:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Հըզպալլա կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ, եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը կարելի չըլլայ գոհացնել: Նոյն օրաթերթին համաձայն, զօր. Աուն կը պատրաստուի անակնկալ քայլերու, որոնք պիտի որդեգրուին յաջորդ հանգրուանին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի մաս կազմել կառավարութեան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Հըզպալլան այն Դիմադրութիւնն է, որ Լիբանանի եւ ամբողջ արաբ ազգին պատիւ բերած է` իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ իր մղած պայքարով:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենց գնահատումով այս շաբաթավերջին Լիբանանի նոր կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը դիւրացնէ կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն ոչ թէ լիբանանցիներու հսկայ շերտի մը ներկայացուցչութեան հաշուոյն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը փաստեց, որ արհեստավարժ է, իսկ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր փաստեց, որ ինք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարն է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած պայթումներուն արդարացումներ տրամադրելով Դիմադրութեան հետեւորդները ընդվզեցնելը մերժելի է:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանան այս շաբթուան ընթացքին պէտք է անպայման կառավարութիւն մը ունենայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պէտք է հասկնայ, որ ներկայիս Լիբանանի համար ներկայացած առիթը հազուագիւտ է եւ կարճատեւ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ իրենք վարժ են Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն խոչընդոտումին: Ան աւելցուց, որ այդ ճիգերը արգելակելու նպատակն է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին յաւելեալ նախարարութիւններ ապահովել:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ կը փափաքին այս շաբաթավերջին կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարել:

