«Սուրիական Դիւանագիտութիւնը Կը Պատկանի Արժանապատուութեան Եւ Խելքի Դիւանագիտութեան» Շեշտեց Ալի
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ յայտնեց, որ սուրիական դիւանագիտութիւնը կը պատկանի արժանապատուութեան, խելքի եւ տրամաբանութեան դիւանագիտութեան` աւելցնելով, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ընթացքին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի արտասանած խօսքը պաշտպանեց սուրիացի ժողովուրդը եւ Սուրիան` ահաբեկչութեան եւ սուրիական ընդդիմութեան ստեղծած շինծու կացութեան դէմ:
«Մոալլեմի խօսքը անդրադարձաւ իրականութեան եւ Սուրիոյ մէջ կատարուող արարքները ներկայացուց», ըսաւ Ալի` աւելցնելով, որ եթէ տրամաբանական չափանիշներ ըլլային, ապա սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ հաստատ դատավարութեան պէտք է ենթարկուէին:
Ալի նշեց, որ Սէուտ Ֆայսալ կը ներկայացնէ Սէուտական Արաբիոյ իշխող ընտանիքը եւ ոչ թէ երկրին համեստ դասակարգը, որ չ՛օգտուիր երկրին քարիւղէն:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիա կատարեալ վստահութիւն ունի ռուս իր գործակիցին, ինչպէս նաեւ ՊՐԻՔՍ երկիրներուն վրայ:
Ան նշեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը սուրիացի ժողովուրդին ոչ մէկ շերտը կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ այդ խորհրդաժողովին Իրանի ներկայութիւնը շատ աւելի կարեւոր էր, քան Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի կամ Թուրքիոյ ներկայութիւնը:

