«Ոճիրներու Արդարացումը Անուղղակիօրէն Անոնց Քարոզչութիւնը Կատարելու Համազօր Է» Շեշտեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ վերահաստատեց իր դատապարտումը Հերմելն ու Հարեթ Հըրէյքը հարուածած պայթումներուն, որոնց պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պլոքը դատապարտեց նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ Հերմելի եւ Ռաս Պաալպեքի ռմբակոծումը, որուն պատճառով զոհուեցան երեխաներ:

Պլոքին հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ արձանագրուած պայթումներուն գծով հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն պատասխանատուութիւնը կը սպառնայ ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն ապահովութեան:

Շաբաթական իր ընթացիկ նիստէն ետք, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը շեշտեց, որ ոճիրներու արդարացումը անուղղակիօրէն անոնց քարոզչութիւնը կատարելու համազօր է:

Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան, պլոքը յայտնեց, որ քաղաքական կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր կարիք չէ, այլ` ազգային համախոհութեան առումով բնական եւ սահմանադրական պարտաւորութիւն:

Պլոքը շեշտեց, որ Հըզպալլա իր ձեռքը կ՛երկարէ բոլորին հետ գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել Լիբանանի անդորրը եւ առիթ չտալ Իսրայէլի` դարձեալ Լիբանան ներխուժելու եւ իր նպատակները իրագործելու:

 

Share this Article
CATEGORIES