Զօր. Աուն Ընդունեց Մանսուրը, Խազենը Եւ Ֆըրզլին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրը, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը աշխուժացնելու հարցը` իրականացնելով ժողովրդականութիւն եւ ազգային կեցուածքներ ունեցող նախագահ մը ընտրելու ծրագիրը:

Մանսուր շեշտեց, որ նման նախագահի մը ընտրութիւնը ներկայ սահմանադրութեան մէջ հիմնական է եւ էական, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ 1992-էն ի վեր Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները ջնջուած են:

Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ներքին առումով անոնց ունեցած հետեւանքները:

Նշենք, որ զօր. Աուն ընդունած էր նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին:

 

Share this Article
CATEGORIES