Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Լսելու Երկխօսութեան Հրաւիրող Ձայնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի Մինա շրջանի բնակչութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լսելու երկխօսութեան եւ իմաստուն վարուելակերպի հրաւիրող ձայնը` անտեսելով բռնարարքներու մարմաջը, որովհետեւ անիկա ապարդիւն է եւ յաւելեալ քանդում, ցաւ ու աղէտ կը պատճառէ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Թրիփոլին միշտ ալ եղած է լիբանանցիներուն հանդիպման վայրը եւ պէտք չէ դառնայ քաղաքական բախումներուն ու տագնապներուն զոհը:

 

Share this Article
CATEGORIES