Սամի Մարրուշ Սպաննուած Գտնուած Է Ալէյի Մէջ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի խորհրդական Սամի Մարրուշ երէկ Ալէյի Ռաս Ժապալ շրջանին մէջ սպաննուած գտնուեցաւ:

Մարրուշ երկու փամփուշտ ստացած էր, երբ ըստ սովորականին քալելու ելած էր:

Ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը, ուր հետաքննութիւն բացին:

Ռաս Ժապալ հասան նաեւ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները եւ ստանձնեցին հետաքննութեան իրենց աշխատանքը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, որոշ ժամանակէ մը ի վեր Մարրուշ արդէն իսկ կուսակցութեան աշխատանքներուն մաս չի կազմեր եւ ան շաբաթ մը առաջ Միացեալ Նահանգներէն վերադարձած է Լիբանան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ոչ ոք ամբաստանեց Մարրուշի սպանութեան յանցանքով` ընդգծելով, որ պէտք է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն:

Կուսակցութեան հետեւորդներ եւ համակիրներ գործուած այս ոճիրին նկատմամբ ընդվզումի իբրեւ հետեւանք հրկիզուած անիւներով փակեցին Ալէյի ճամբան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ապահովական եւ դատական պատկան մարմիններուն հետ եւ վերահաստատեց իր վստահութիւնը այդ կառոյցներուն նկատմամբ:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն եւ բոլորէն պահանջեց հանդարտ մնալ ու ինքնազսպումի ենթարկուիլ:

Share this Article
CATEGORIES