Միքաթի Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը

Ապու Ֆաուր եւ Միքաթի

Ապու Ֆաուր եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական զարգացումներն ու լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լուծել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները, որոնք թիւով քիչ են արդէն:

Ան ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ նոյն սեղանին շուրջ համախմբուելու եւ ազգային երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզ, որ հանդիպումէն ետք մաղթեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Ան նշեց, որ ՄԱԿ հետաքրքրուած է, թէ նոր կառավարութիւնը ի՛նչ ընթացք պիտի ունենայ եւ որո՛նք պիտի ըլլան անոր անդամները:

Ուաթքինզ շնորհակալութիւն յայտնեց Միքաթիի` ՄԱԿ-ի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը ըլլայ առիթ մը` լուծելու համար սուրիական տագնապը, որ իր կարգին հետեւանքներ կ՛ունենայ Լիբանանի վրայ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ հրաժարեալ վարչապետին յանձնեց Մար Մարոնի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:

Share this Article
CATEGORIES