Բանակը Կը Գուժէ Թրիփոլիի Մէջ Նահատակուած Իր Զինուորները
Թրիփոլիի Մալլուլէ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին զրահապատին դէմ զինեալներու կողմէ գործուած յարձակումին պատճառով երէկ նահատակուեցաւ նաեւ երկրորդ զինուոր մը, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր:
Բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց Ֆատի Ժամուսի մահը:
Բանակը գուժած էր նաեւ բանակի զինուորներէն Հիւսէյն Համատ Սաատէտտինի մահը, որ պատահած էր նախանցեալ երեկոյեան, նոյն դէպքին պատճառով:
Հիւսէյն Համատ Սաատէտտինի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ` Աքքարի Հապշիթ գիւղաքաղաքին մէջ:
Նշենք, որ երէկ Թրիփոլիի մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները կազմակերպող ահաբեկիչներուն հետապնդման իր առաքելութեան մէջ, բանակը տեղեկութիւններ ստացած է պաղեստինցի Իպրահիմ Ապտել Մատի Ապու Մաայլեքի (ծանօթ իբրեւ Ապու Ժաաֆարի) մասին եւ նախանցեալ օր Պեքաայի մէջ անցարգել մը զետեղած է` ձերբակալելու համար պահանջուած յանցագործը:
Սակայն Ապու Մաայլեք փորձած է բանակէն փախուստ տալ, կրակած է անցարգելին հսկող զինուորներուն վրայ եւ վիրաւորած սպայ մը:
Բանակայինները հակադարձած են կրակոցներուն եւ վիրաւորած զայն, սակայն հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք ան մահացած է:
Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, Ապու Մաայլեք կը պատկանի Ապտալլա Ազզամ փաղանգին եւ ուղղակի կապեր ունի ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին հետ, որպէսզի սուրիական Քալամուն շրջանէն դէպի Լիբանան ահաբեկիչներ փոխադրէ եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպէ:

