«Լիբանանը Պէտք Է Իր Չէզոք Դիրքին Վերադարձնել` Անմիջապէս Կասեցնելով Սուրիոյ Բախումներուն Անոր Մասնակցութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Ռաատ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մաղթեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողութիւն կ՛արձանագրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին վերջ մը տալ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի մնայուն կեցուածքը չէզոք կեցուածքն է, որպէսզի ան կարենայ ինքզինք զերծ կացուցել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:
«Ինչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, պէտք է Լիբանանը իր չէզոք դիրքին վերադարձնել` անմիջապէս կասեցնելով Սուրիա բախումներուն անոր մասնակցութիւնը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել եւ սուրիացի գաղթականները վերադարձնել իրենց բնակարանները:
Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նախագահ Սլէյման Ռաատի հետ քննարկած է կառավարութեան մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցչութեան հարցը:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կատարուած իրողութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը առկայ չէ, այնքան ատեն որ կառավարութեան կազմութեան մասին խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

