Օրան Շահած Է Լէյլեքեանի Դէմ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Դատը
«Ակունք» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թրքական ելեկտրոնային լրատուամիջոցները հեղեղուած են լրատուութեամբ այն մասին, որ ֆրանսաբնակ թրքուհի Սըրմա Օրան շահած է «Ֆրանս-Արմենի» ամսագիրի տնօրէն եւ հրատարակիչ Լորան Լէյլեքեանի դէմ ներկայացուցած դատական դիմումը:
2008-ին, երբ Ֆրանսայի կանաչներու կուսակցութեան անդամ Սըրմա Օրան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար առաջադրուող թենկածուներու ցուցակին մէջ պիտի ընդգրկուէր, պայման դրուած է, որ ան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն Օրան անհամաձայն գտնուած է եւ հրաժարած իր թեկնածութիւնը առաջադրելէ:
Օրին, Լէյլեքեան հրապարակած է Սըրմա Օրանի արարքը խստիւ դատապարտող յօդուած մը, որուն մէջ ան Օրանը կոչած էր Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան բանբեր: Իր հասցէին կատարուած այդ եւ այլ ամբաստանութիւններուն համար Օրան դիմած էր դատարան եւ պահանջած պատասխանատուութեան ենթարկել Լէյլեքեանը:
Առաջին ատեանն ու բողոքարկումէն ետք նաեւ վերաքննիչ ատեանը բաւարարած են Օրանի դիմումը եւ վճռած, որ Լէյլեքեան վճարէ 4500 եւրօ տուգանք, իսկ եթէ յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին ան դարձեալ նոյն յանցանքը գործէ, ապա պիտի բանտարկուի:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ բնակող այդ թրքուհին դուստրն է թուրք այլախոհ մտաւորական Պասքըն Օրանի, որ 2008-ին նախաձեռնած էր հայերէն ներում հայցելու արշաւին:

