Ազրպէյճանցիները Կը Փորձեն Արգելք Հանդիսանալ Միջազգային Ցուցահանդէսին Հայաստանի Եւ Արցախի Մասնակցութեան

22 յունուարին խումբ մը ազրպէյճանցիներ փորձած են խոչընդոտել Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող «Ֆիթուր» միջազգային զբօսաշրջային տարեկան ցուցահանդէսին Հայաստանի եւ Արցախի միասնական տաղաւարի բնականոն աշխատանքը: Ծրագրաւորուած սադրանքին ընթացքին հնչած են ցեղապաշտական կոչեր: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը:

Անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ անմիջապէս քայլեր առնուած են` անկարգ խմբաւորումը կարգի բերելու նպատակով, եւ ոստիկանները ցուցահանդէսի տարածքէն դուրս հանած են սադրիչները:

Հայաստանի եւ Արցախի միասնական տաղաւարը կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը միջազգային ցուցահանդէսին: Տաղաւարը յագեցած է Հայաստանի ու Արցախի մասին պատմող ծանուցողական նիւթերով եւ քարտէսներով, եւ ինչպէս միշտ, մեծ ուշադրութեան արժանացած է այցելուներուն կողմէ:

«Հայաստանի ազգային մրցունակութիւնը պիտի շարունակէ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ հայկական աշխարհի զբօսաշրջային արդիւնքներու խթանման եւ միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացման ուղղուած իր գործունէութիւնը», նշուած է հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է պաշտօնական Մատրիտին` միջազգային ցուցահանդէսին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան առնչութեամբ: Պաքուն ասիկա սադրանք նկատած է: Սպանիոյ մէջ Ազրպէյճանի «դեսպանատունը կը շարունակէ աշխատանքը` հայկական կողմէն սադրանքը դադարեցնելու նպատակով», նշուած է ազրպէյճանական բողոքագիրին մէջ:

Նշենք, որ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը 22-26 յունուարին`  տեղական զբօսաշրջային 5 ընկերութիւններու հետ գործակցաբար, Հայաստանը կը ներկայացնէ այս միջազգային ցուցահանդէսին:  Միեւնոյն տաղաւարին մէջ ներկայացուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Ցուցահանդէսին կը մասնակցին 167 երկիրներու շուրջ 10 հազար զբօսաշրջային ընկերութիւններ եւ աւելի քան 110 հազար առեւտրային գործակալներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES