Ազրպէյճանցի Քափիթեն Մը Զոհ` Ներթափանցումի Անյաջող Գործողութեան
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով ազրպէյճանցի քափիթեն մը սպաննուած է: Միջադէպը տեղի ունեցած է Թերթերի շրջանին մէջ` սահմանագիծի այն հատուածին մէջ, ուր ազրպէյճանական ներթափանցման անյաջող գործողութիւն մը իրականացուած էր օրեր առաջ:
Թէեւ ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ կատարուածը ներկայացնել իբրեւ զինադադարի դրութեան խախտման հետեւանք, սակայն ակնյայտ է, որ քափիթենը անյաջող ներթափանցումի զոհերէն է` արդէն երրորդը:
CATEGORIES Հայկական

