Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Վստահեցնէ, Որ Հայաստանի Եւ Արցախի Սահմաններուն Վրայ Իրավիճակը Վերահսկելի Է

Seyran-Ohanian1Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ իրավիճակը վերահսկելի է, եւ ժողովուրդին մօտ որեւէ մտահոգութիւն պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ մեր զինուորականները պատշաճ կերպով կը կատարեն իրենց խնդիրը: Այս մասին, ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` ներկայացնելով վերջին օրերուն ազրպէյճանական կողմէն հրադադարի խախտման դէպքերը: «Յունուարի 19-ի լոյս 20-ի գիշերը հակառակորդի ներթափանցման գործողութիւնների անյաջող փորձից յետոյ, երբ հակառակորդն Արմէն Յովհաննիսեանի հմուտ գործողութիւնների շնորհիւ կրեց զոհեր եւ վիրաւորներ, Ազրպէյճանի դիրքերում որոշակի լարուածութիւն կայ` արտայայտուած կրակոցներով եւ որոշակի խուճապահար գործողութիւններով, որովհետեւ մտահոգութիւն կայ, որ մենք պատասխան կը տանք», ըսած է Օհանեան:

Նախարարը միաժամանակ յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը անկանոն կրակոցներուն չի պատասխաներ, կը պատասխանէ միայն նպատակային կերպով եւ արձակազէններու կրակոցներուն:

Տաւուշի մարզի Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Մովսէս համայնքները 22 յունուարի գիշերը` 20:30-23.00-ի սահմաններուն, եղած են ազրպէյճանական կրակահերթի տակ, որ աննախադէպ էր մեծ ծաւալի առումով: Հրադադարը խախտուած է 300 անգամ, որ կը գերազանցէ նախորդ երկու օրերու խախտումներուն քանակը:

 

Share this Article
CATEGORIES