Ազրպէյճանական Կողմը Կը Սաստկացնէ Կրակոցները Հայկական Գիւղերուն Ուղղութեամբ
Երէկ երեկոյեան հայ ազրպէյճանական սահմանին վրայ հնչեցին սաստիկ կրակոցներ: Ազրպէյճանական կողմէ կրակ բացաւ Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար, Մովսէս եւ Չինարի գիւղերուն ուղղութեամբ: Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչները «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեցին կրակոցներու մասին լուրը` ըսելով, որ գիւղին մէջ գիշերուան մօտ ժամը 21:00-էն (Երեւանի ժամանակացոյցով) եղած են սաստիկ կրակոցներ, որոնք տեւած են մինչեւ ժամը 23:00:
Այգեպար գիւղին մէջ վիրաւորուած է 16-ամեայ պարմանուհի մը:
CATEGORIES Հայկական

