Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր լեզուն քանի մը անգամ դարձուցէք ձեր բերնին մէջ, որպէսզի կարենաք պահել այն գաղտնիքը, զոր ձեզի վստահած են: Բերնէ բերան` չըլլայ գերան: Այս է իմաստութիւնը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թեթեւ ձախողութիւն մը հարցի մի՛ վերածէք: Ամէն բան անցողակի  է: Ջանացէք անտեսել անիմաստ հարցերը, որպէսզի մնաք խաղաղ սիրտով, արդիւնաւոր աշխատանքով: Մի՛ տարուիք աջին ձախին խօսքերէն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի պիտի յանձնուի նոր պարտականութիւն մը, զոր պիտի ընդունիք: Ձեզի վստահուած պարտականութիւնները կատարելով` շատ պիտի գնահատուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տեղափոխութիւն մը պիտի ունենաք ձեր աշխատանքին բերումով: Հոն պիտի հանդիպիք նոր դէմքերու, որոնց հետ ձեր ծանօթութիւնը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Օրը ունի այլազան հաճելի նորութիւններ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երազելը լաւ է, յոյս կը ներշնչէ. այսուհանդերձ, պէտք է մնաք նաեւ իրատես, որպէսզի կարենաք քայլ պահել օրուան հետ: Աշխատանքը ուրախ պիտի պահէ ձեզ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ մտաւորական աշխատանքով կը հետաքրքրուիք, ձեր պատրաստած թեմաները պիտի ընդունուին ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Ունիք նորութիւններ ստեղծելու կարողութիւն, հետեւաբար գործի անցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արուեստագէտի խմոր ունեցող կշիռք աստղանիշով ծնածներ պիտի ունենան նոր ծրագիրներ եւ նոր հրաւէրներ: Կարեւորը ճշդապահ ըլլալն է: Յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնը գործի ճամբուն վրայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձմրան եղանակը իրեն հետ կը բերէ եղանակին յարմարող միտքեր եւ գործունէութիւն: Ուշադիր եղէք եղանակի փոփոխութեան, տաք հեղուկներով ջերմացուցէք ձեր մարմինը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը սիրէք երեւնալ` ձեր ներկայութիւնը հաստատելով, ո՛ւր որ ըլլաք: Ինքնավստահութիւնը լաւ նկարագիր է, բայց յարգեցէք նաեւ ձեր շուրջինը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, բայց տակաւին ժամանակը չէ հասունցած: Պէտք է համբերէք գարնան մօտենալուն: Համբերեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նիւթական վարձատրութիւն մը պիտի ուրախացնէ ձեզ անակնկալ կերպով: Այս իրողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ եւ յաւելեալ եռանդով պիտի աշխատիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ դատական հարց մը ունիք, պիտի կարենաք ձեր փաստարկումով համոզել հակառակորդը: Յոյսը կը յաղթէ միշտ:

Share this Article
CATEGORIES