«Լա Լիկա»-ի Խումբերուն Թիւը Կրնայ Կրճատուիլ 18-ի

Իր լուրը քաղելով «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ սպանական «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ հանդէս եկող ակումբներուն պատասխանատուները կը քննարկեն «Լա լիկա»-ի բարեփոխումներուն նախագիծը:

Առաջարկուող փոփոխութիւններուն գլխաւոր նորութիւնը կրնայ ըլլալ այն, որ բարձրագոյն դասակարգին մասնակից խումբերուն թիւը 20-էն կրճատուի 18-ի:

Կը նշուի, որ այս փոփոխութիւնը տեղի պիտի ունենայ, որպէսզի սպանական խումբերը քիչ մը աւելի բարելաւեն իրենց խաղարկութիւնը եւ աւելի տան իրենցմէ սպասուածը:

Share this Article
CATEGORIES