Արտակ Եդիգարեան Միացաւ Զալկիրիս Վիլնիուսի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Բանանցի միջնապահ Արտակ Եդիգարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Զալկիրիս Վիլնիուսի հետ, յայտնեց լիթուանական ակումբին պաշտօնական կայքը:

ArmSport.am վկայակոչելով վերոնշեալ աղբիւրը կը նշէ, որ Զալկիրիս Վիլնիուս Լիթուանիոյ ամէնէն անուանի ակումբներէն մէկն է եւ երկրին գործող ախոյեանը:

Նշենք, որ շուրջ 6 ամիս առաջ, նոյնինքն Զալկիրիս դէմ յանդիման եկաւ Փիւնիկի հետ, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ:

Եզրափակելով լուրը` ArmSport.am յայտնեց, որ նախորդ դեկտեմբերին Եդիգարեան փորձառական շրջան մը անցուց Թարազի հետ (Ղազախստան)` առանց անոր միանալու:

 

Share this Article
CATEGORIES