Ուալիտ Նասսար. «Կը Շարունակենք Քննարկել Մրցումները Ուղղակիօրէն Պատկերասփռելու Հարցը»

walid-nassarՅատուկ յայտարարութիւն մը կատարելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար ըսաւ, որ բաւական լրջօրէն կը շարունակուի քննարկուիլ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռուելու հարցը:

Երէկ իր կատարած այս յայտարարութեան ընթացքին ան ըսաւ, որ կը քննարկուի լաւագոյն առաջարկը` նկատի ունենալով, որ կան պատկերասփիւռի քանի մը կայաններ, որոնցմէ պիտի ընտրուի յարմարագոյնն ու լաւագոյնը:

Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի տղոց ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի ուրբաթ, 31 յունուարին, թէեւ պէտք է քիչ մը աճապարել այս ուղղութեամբ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ հապճէպ որոշում մը պիտի տրուի այս գծով:

Ան եզրափակելով ըսաւ, որ հարցը փափուկ է, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ մրցումներուն պատկերասփռումը բնականաբար պիտի ըլլայ միջազգային գետնի վրայ ալ, ինչ որ սխալ քայլի մը պարագային իր վատ անդրադարձը կրնայ ունենալ Լիբանանի վրայ, որ ներկայ հանգրուանին ցարդ կը մնայ կախակայուած, եւ այդ պատիժը բեկանելու աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին:

 

Share this Article
CATEGORIES