Յովհաննէս Կապուզեան` Արագ Ճատրակի Հայաստանի Ախոյեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի արագ ճատրակի 16-րդ ախոյեանութեան, երկրին 2014-ի ախոյեանի կոչումը նուաճեց կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան, որ առաւելագոյն 8 կէտէն վաստկեցաւ 7 կէտ:
Տիտղոսակիրէն կէտով մը ետ մնացին Զաւէն Անդրէասեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան:
Լրացուցիչ ցուցանիշներով («Թայ Պրէյք») արծաթէ մետալը շնորհուեցաւ Անդրէասեանին, ապա պրոնզէ մետալը` Յովհաննիսեանին:
Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան 50 ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական

