Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա Պարտադրեց Հինգերորդ Եւ Վերջին Մրցումը

Սատաքայի յաղթական մարզիկները
Լուսանկարը Տրամադրեց`
Ատնան Հաժ Ալի.
Երէկ, Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումին արդիւնքը պարտադրեց հինգերորդ եւ վերջին մրցումը` նկատի ունենալով, որ ախոյեան Սատաքա, 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պէյրութի դրամատունը, արդիւնքը հաւասարեցուց (2-2):
Այժմ անոնք իրարու դէմ պիտի ճակատին յառաջիկայ երեքշաբթի, 28 յունուարին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ:
Հետաքրքրականը այն է, որ ցարդ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն ընթացքին երկու խումբերն ալ իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակ չեն յաջողած արձանագրել:
Ինչ կը վերաբերի երէկ «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Պէյրութի դրամատունը Ա. կիսախաղին ստացաւ երկու հարուած: Առաջինը եղաւ այն, որ Սատաքա շատ կանուխ կոլ մը նշանակեց` 5-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը` անոր մարզիչ Տիպան Տիպրովիչի դաշտէն վտարումը` երրորդ իրաւարարին վրայ յարձակած ըլլալուն պատճառով, ինչ որ իր վատ անդրադարձը ունեցաւ կազմին վրայ:

