Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Նորվեկիոյ Մրցաշարքին

levon-1Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Նորվեկիոյ մէջ կայանալիք մրցաշարքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ նորվեկիական քանի մը քաղաքներու մէջ` 2-13 յուլիս 2014-ին:

Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, Վեսելին Թոփալով, Սերկէյ Քարժաքին, Փիթըր Սվիտլեր եւ Ֆապիանօ Քարուանա:

Մնացեալ չորսին անունները պիտի յայտարարուին յառաջիկային:

 

Share this Article
CATEGORIES