Գումարները Պիտի Բաժնուին Նախորդին Նման
Ինչպէս ծանօթ է, իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի 30 մարզական ֆետերասիոնները պետական պիւտճէէն նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան:
Կը կարծուէր, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը այս անգամ տարբեր ձեւով պիտի բաժնէ 2014 տարուան համար նախատեսուած 929 միլիոն դրամը:
Armsport.am-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախարարութեան գլխաւոր պատասխանատու Մհեր Անանեան ըսաւ, որ այդ գումարը պիտի բաժնուի նախորդին նման, այսինքն` հետեւեալ ձեւով.
Ըմբշամարտ` 220 միլիոն, ծանրաբարձութիւն` 165, կռփամարտ` 110, ժիւտօ` 71, ճատրակ` 57, մարմնամարզութիւն` 35, հրացանաձգութիւն` 26, աթլեթիզմ` 21, Սամպօ` 20, պասքեթպոլ, հենտպոլ եւ թեքուանտօ` 18-ական, սուսերամարտ` 14,5, հեծելարշաւ եւ փինկ փոնկ` 13-ական, դահուկարշաւ, նետաձգութիւն եւ ջրացատկ` 12-ական, լողարշաւ` 10, գեղասահք եւ Քանոյ` 9-ական, ուու-շու եւ վոլիպոլ` 8-ական, խոտի հաքի` 6, սինքրոն լող, ռակպի եւ թենիս` 5-ական, պետմինթոն` 4, առագաստանաւային սփոր` 3 եւ քարաթէ` 2:

