Արազ Օզպիլիս. «Կը Փափաքինք Ախոյեան Հանդիսանալ»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքին հետ ունեցած է հետեւեալ հարցազրոյցը.
«Արձակուրդի շրջան ըլլալով մեկնեցայ տուն` Ամսթերտամ, ուր ընտանիքիս հետ հանգստեան կարճ շրջան մը անցուցի: Այժմ կրկին լրջօրէն աշխատելու ժամանակն է, եւ պէտք է շուտով ունենանք մեր անցեալի ֆիզիքական կազմուածքը: Կը կարծեմ, որ մինչեւ յառաջիկայ պաշտօնական մրցում շատ ժամանակ ունինք:
«Ախոյեանութեան սկիզբը որոշ դժուարութիւններ ունեցանք, գլխաւորաբար` վնասուածքներու պատճառով: Այժմ, եթէ ընդհանուր դասաւորման նայինք, կը տեսնենք, որ յառաջատարէն միայն մէկ կէտով ետ ենք: Բայց ամէնէն կարեւորը հոն մնալն է ախոյեանութեան աւարտին:
«Մեր գլխաւոր նպատակն է տիրանալ տիտղոսին: Այժմ խումբը վերստին հաւաքուած է, եւ բոլորն ալ ուրախ են` զիրար տեսած ըլլալու համար:
«Եուրա Մովսիսեանի հետ միշտ կապի մէջ եմ: Ան այժմ կը գտնուի Սպանիա, ուր վերականգնումի մէջ է` իր ծունկին վնասուածքէն ետք: Ան կ՛ըսէ, որ իր վիճակը բարելաւուած է: Անոր հետ շուտով պիտի հանդիպիմ Ապու Տապիի մէջ»:

