Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է Ժընեւի խորհրդաժողովին վրայ` հետեւելու համար Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, Դամասկոս կ՛ապրի զգուշաւոր հանդարտութիւն, թէեւ որոշ թաղամասերու մէջ արձանագրուեցան հրթիռներու հարուածներ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Իսկ երէկ «Քեզի համար Սուրիա» կամաւոր խմբակին կազմակերպութեամբ, Դամասկոսի Սըպքի հանրային պարտէզին մօտ` Ժընեւի խորհրդաժողովին մասնակցող սուրիական պաշտօնական պատուիրակութեան զօրակցութեան հաւաք մը տեղի ունեցաւ:
Պէտք է նշել, որ երկար ժամանակէ ի վեր բախումներու դաշտ դառնալէ ետք, Դամասկոսի արուարձաններ Քուտսէա, Եալտա, Պարզէ, Պապիլա եւ Քապուն կը վերականգնեն որոշ հանդարտութիւն մը` շնորհիւ հաշտեցման եւ կարգաւորման դժուար հոլովոյթի մը:
Դամասկոսի բնակիչները դրական կը նկատեն նման քայլ մը, մանաւանդ որ այդ շրջաններուն մէջ հաստատուած զինադադարը հանդարտութիւն պիտի ապահովէ մայրաքաղաքը շրջապատող մօտակայ թաղամասերուն` նկատի առնելով, որ զինեալ խմբաւորումները նշեալ շրջանները կ՛օգտագործէին իբրեւ հրասանդի հրթիռներու արձակման կեդրոն:

