Ուրբաթ, 31 Յունուարին`. Փինկ Փոնկի Մարզիկներուն Մրցանակաբաշխութիւնը
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ուրբաթ, 31 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 2013-ի ախոյեաններուն եւ մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Ամին» ճաշարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 21:00-ին` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ուատիհ Ապսիի:
CATEGORIES Մարզական

