Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Շեքքա – ՀՄԸՄ Մրցումը Ժամը 14:15-ին

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 25 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Շեքքայի դէմ:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:

Իր հրապարակած առաջին յայտագիրին մէջ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս մրցումին ժամը նշած էր 14:15-ին: Սակայն այս շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին ֆետերասիոնը յայտնած էր, որ անիկա պիտի սկսի կէսօրէ առաջ 11:00-ին:

Այժմ մրցումին համար ճշդուեցաւ առաջին ժամը, որ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ն է: Ուրեմն անիկա սկիզբ պիտի առնէ 14:15-ին` դաշտին գծով կարգադրութիւնները դասաւորելէ ետք:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին:

Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ՇԱԲԱԹ, 25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Ժամ Դաշտ
Պարաղեմ Նապաթիէ – Զամալեք Պէյրութ 14:15 Քֆարժոզ
Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի – Շապապ Արապի 14:15 Սալամ
Ամալ Մաարաքէ – Ժամհիեթ Մաարաքէ 14:15 Սուր
Պար Էլիաս – Հիլալ Հարեթ Նաամէ 14:15 Պհամտուն
 

ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

   
Շեքքա – ՀՄԸՄ 14:15 Սալամ Զղարթա
ՀՄՄ – Ամալ Թրիփոլի 14:15 Անսար
Ըխուաթ Խարայեպ – Քֆար-Ռըմմալ 14:15 Պապլիէ
Նըժմէ Սահրա – Ախա Հարեթ Հըրէյք 14:15 Պուրճ Համուտ

 

Share this Article
CATEGORIES