2015-ին Գիտաժողով` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

KidajoghovՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց հինգշաբթի երեկոյեան` Հայկազեան համալսարանին մէջ: Նիստին ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Աշոտ Քոչարեան եւ Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց 100-ամեակի տարուան ընթացքին նախատեսուող ծրագիրներու մասին, որմէ ետք յատուկ օրակարգով քննարկուեցաւ յունուար 2015-ին 100-ամեակի մարմինին եւ Հայկազեան համալսարանի համատեղ կազմակերպումով` Ցեղասպանութեան տարբեր երեւոյթներուն յատկացուած գիտաժողովը:

Գիտաժողովին պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութենէն, սփիւռքէն, Թուրքիայէն ակադեմականներ եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերու հետազօտողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES