«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ. «Օրֆընզ Աֆ Տը Ճենոսայտ» Վաւերագրական Ժապաւէնին Հանրային Ցուցադրութիւնը

maronԵրէկ` ուրբաթ, 24 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կազմակերպութեամբ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երկրորդ օրն ըլլալով տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի պատրաստած «Ցեղասպանութեան որբերը» (Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ) ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, բայց այս անգամ` հանրութեան համար:

Rubina-Khayat

Ռուպինա Խայյաթ

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք ժապաւէնի գլխաւոր հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեանի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամ Ռուպինա Խայյաթ (խօսքը տուած ենք երէկուան մեր թիւով): Ապա ան հրաւիրեց ժապաւէնի բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանը` փոխանցելու իր խօսքը:

Մարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, ժապաւէնին աջակցողներուն եւ յատկապէս գլխաւոր հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեանին:

Պարէտ Մարոնեան ըսաւ, որ երբ կապ հաստատած է Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ եւ փոխանցած, որ ժապաւէնին Լիբանանի մէջ ցուցադրութեան առիթով կ՛ուզէ յուշանուէր մը յանձնել իրեն առ ի երախտագիտութիւն, Պէզիքեան փափաք յայտնած է, որ անիկա յանձնուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետին: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, որ նախքան յուշանուէրի ստանձնումը փոխանցեց հետեւեալ խօսքը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պարէտ Մարոնեանին` այս սքանչելի աշխատանքին համար: Պարէտը օրինակ կու տայ նոր սերունդի իւրաքանչիւր երիտասարդին ընելու այնպէս մը, որ մեր նահատակները իրենց թափած արեան համար երբեք չափսոսան ու չըսեն` «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»:

«Կեցցես Պարէտ: Վարձքդ կատա՛ր, հոյակապ աշխատանք տարած ես:

«Մենք տասնամեակներէ ի վեր կը սպասէինք Հոլիվուտէն գալիք ժապաւէնի մը, որ պիտի ցնցէր աշխարհն ու մարդկութեան խիղճը, որ սակայն տակաւին կ՛ուշանայ, բայց ահաւասիկ մեր տղաքը. յոյսեր մի՛ կապէք օտարին ու դուրսէն գալիք փշրանքներուն, ձեր ուժերը Հոլիվուտէն ոչ մէկ բանով պակաս են աշխարհը ցնցելու, ահաւասի՛կ փաստը:

«Մեզի կը մնայ Պարէտին աշխատանքը սփռել աշխարհով մէկ ու տարածել ամէնուրեք»:

«Ցեղասպանութեան Կեդրոնական մարմինի շնորհակալութեան երկրորդ խօսքը կ՛երթայ այս սքանչելի աշխատանքին ետին կանգնող ուրիշ տիպար հայորդիի մը, առանց որուն նիւթական նեցուկին դժուար պիտի ըլլար այսօրուան այս իրագործումը: Խօսքը կը վերաբերի սիրելի Ալեքքօ Պէզիքեանին, որ այս որբերէն մէկուն զաւակն է:

Սեդա Խտըշեան յուշանուէրը կը ստանձնէ Մարոնեանէն

Սեդա Խտըշեան յուշանուէրը կը ստանձնէ Մարոնեանէն

«Ալեքքոյի հայրը եւս հազարաւոր այլ որբերու պէս ինկաւ այս հիւրընկալ ափերը, շինեց տուն եւ կազմեց ընտանիք, դաստիարակեց զաւակները` պատրաստելով զանոնք այսօրուան, որպէսզի անոնք կարենան աշխարհին ու մարդկութեան պատմել, թէ ի՛նչ ըրաւ մարդը մարդուն:

«Պարէտն ու Ալեքքոն իրենց հայրերուն վրէժն է, որ լուծեցին այսօր` ցոյց տալով մարդկութեան իրենց ծնողներուն անցած արհաւիրքի անմարդկային ճամբան: Վարձքերնիդ կատա՛ր:

«Շնորհակալութիւն Ալեքքոյին անգամ մը եւս, բայց այս անգամ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Լիբանանի մէջ իրագործուելիք զանազան ծրագիրները հովանաւորելուն համար ծրագիրներ, որոնց պիտի հանդիպինք այլ նշումներու ընթացքին: Ալեքքոն իր որդիական ու ազգային պարտքը լի ու լի եւ ամբողջական կերպով կատարած է:

«Սիրելի՛ երիտասարդներ, այստեղ` պաստառէն ցոլացին հազարաւոր որբուկներու աչքերէն թախիծ եւ խոր տառապանք, որ ճեղքեց իւրաքանչիւրիս սիրտն ու մեր արիւնը բորբոքեց վրէժի կանչով:

«Թող մեր վրէժի կանչը արտայայտուի միայն ստեղծագործական արարումներով, ինչպիսին է այսօրուան այս իրագործումը:

«Մենք եւս բանաստեղծուհիին նման ըսենք`
Դու պիտի վրէժ առնես ապրելով, ապրելով յամառ ու հազարապատիկ,
Աւերումի դէմ` քո ստեղծելով,
Աւեր Վանի դէմ` քո Երեւանով
Աքսորների դէմ` խուլ անապատից նորից դարձող քո քարվանով
Դու պիտի ապրես այսպէ՛ս սրանով»:

Share this Article
CATEGORIES