Հոլլանտի Այցելութենէն Ժամեր Առաջ Հռոմի Ֆրանսական Եկեղեցւոյ Մօտ Տեղի Ունեցաւ Պայթում Մը

Ֆրանսուա Հոլլանտ
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Հռոմի կեդրոնը գտնուող ֆրանսական Սան Իվ տը Պրոթոն եկեղեցւոյ մօտ փոքր ական մը պայթած է: Արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ:
Դէպքը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այցելութենէն ժամեր առաջ: Վատիկանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան քարտուղարը հաւանական նկատեց, որ պայթումը Հոլլանտի Հռոմ այցելութեան հետ կապ ունի:
Իտալական ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ պայթումէն վնասուած են մօտակայ քանի մը ինքնաշարժներ եւ փշրուած են յարակից շինութեան ապակիները: Ռումբը տան մէջ պատրաստուած է:
Նշենք, որ Հոլլանտ երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
CATEGORIES Միջազգային

