Գահիրէի Մէջ Իրերայաջորդ Պայթումներ

CairoԳահիրէի մէջ երէկ տեղի ունեցան իրերայաջորդ պայթումներ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ առաջին պայթումը տեղի ունեցաւ Գահիրէի ոստիկանութեան կեդրոնական բաժանմունքին մօտ` կառոյցէն 5 քիլոմեթր հեռու: Տեղի ունեցածը ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն մըն էր, որուն պատճառով ոստիկանութեան կեդրոնին չորս յարկերը փուլ եկան: Արձանագրուեցաւ չորս զոհ:

Երկրորդ պայթումը տեղի ունեցաւ առաջինէն երեք ժամ ետք Տոքի թաղամասին մէջ` մեթրոյի կայարանին մօտ: Արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ 17 վիրաւոր:

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան բաժանմունքին մօտ տեղի ունեցած է մէկ այլ պայթում մը եւ հրացանաձգութիւն` հակառակ անոր որ իշխանութիւնները առաջին պայթումէն ետք յայտարարած էին, որ անվտանգութեան միջոցառումները խստացուած են:

Իսլամ եղբայրները հերքեցին ահաբեկչական յարձակումներու հետ իրենց առնչութիւնը:

Երրորդ պայթումը տեղի ունեցաւ բուրգերու մօտակայ ոստիկանատան մօտ եւ ատոր պատճառով կայ հինգ զոհ:

 

Share this Article
CATEGORIES