Տաւոսի Մէջ Ալիեւ-Ռուհանի Հանդիպում

Ալիեւ եւ Ռուհանի

Ալիեւ եւ Ռուհանի

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Տաւոսի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը ընդգծած են, որ Ազրպէյճանն ու Իրանը կը միաւորեն հասարակաց պատմամշակութային արմատները, իսկ այժմ գոյութիւն ունին լայն կարելիութիւններ բարեկամական ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Կողմերը յոյս յայտնած են, որ երկու երկիրներուն քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն նաեւ հետագային զարգանալ:

Նախագահները նշած են, որ պէտք է ջանքեր գործադրել երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման եւ շրջանային համագործակցութեան համար:

 

Share this Article
CATEGORIES