Սուրիական Կառավարական Եւ Ընդդիմադիր Պատուիրակութիւնները Այսօր Պիտի Սկսին Ուղղակի Բանակցութեան

brahimiԺընեւի մէջ Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ առաւօտեան Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի  յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի  հովանաւորութեամբ բանակցութիւններ տեղի չունեցան, երբ ընդդիմադիրները մերժեցին կառավարական պատուիրակութեան հետ մէկ սեղանի վրայ նստիլ, մինչեւ վերջինս «Ժընեւ-1»-ի յայտարարութիւնը չստորագրէ:

Սուրիոյ նախագահի մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի  կայանին յայտնեց, որ Իպրահիմիի ներկայացուցիչը սուրիական կառավարական պատուիրակութեան յայտնած է, որ ընդդիմութիւնը պատրաստ չէ առտու նախատեսուած հանդիպումին:

Ստեղծուած կացութեան մէջ սուրիական պետական պատուիրակութիւնը առանձին հանդիպում ունեցաւ Իպրահիմիի հետ: ՄԱԿ-ի մօտիկ աղբիւրներ սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Իպրահիմիին յայտնած է, որ «եթէ վաղը (այսօր) աշխատանքային լուրջ հանդիպումներ չսկսին, ապա սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւնը պիտի հեռանայ` հակառակորդ կողմին անլրջութեան եւ անպատրաստութեան պատճառով»:

Մոալլեմ Իպրահիմիին կոչ ուղղած է սուրիացիներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան աջակցելու եւ ոչ թէ արտաքին ուժերու լուծումները ներկայացնելու:

Սուրիական պետական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Ըստ «Մայատին»-ի, Մոալլեմ Պան Քի Մունին յայտնած է, որ «Իրանի հրաւէրը («Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի մասնակցութեան. «Ա.») յետս կոչելը ՄԱԿ-ի եւ անձնապէս քեզի ուղղուած վարկաբեկում մըն է»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց, որ Քի Մուն ջանք կը թափէ սուրիական կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութիւնները մէկ սենեակի մէջ հաւաքելու` «բանակցութեանց տապալումը կանխարգիլելու համար»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպայի Ժընեւի բանակցութիւններէն հեռանալը անակնկալ մը չէր, «եւ ներքին ընդդիմութեան բանակցութեան մասնակցութիւնը կը նախատեսենք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն սուրիական կողմերուն միջեւ բանակցութեան շարունակումը կ՛երաշխաւորեն:

Երեկոյեան ժամը 7:00¬ին Իպրահիմի տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ սուրիական իշխանութեան ու ընդդիմութեան պատուիրակութիւններուն հետ անջատ հանդիպումներ ունեցած է, եւ երկու կողմերը համաձայն են այսօր մէկ սրահի մէջ հանդիպում ունենալու:

«Կը գիտակցինք, որ բանակցային հոլովոյթը դժուար ու բարդ պիտի ըլլայ, եւ գոյութիւն ունի դրական փոփոխութիւն մը, որ երկու կողմերը արտայայտեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ամբողջ հոլովոյթը հիմնուած է «Ժընեւ¬1»¬ի հաղորդագրութեան վրայ. երկու կողմերը կը գիտակցին ասոր եւ կ’ընդունին զայն, եւ այդ է մեր քննարկումներուն հիմքը»:

Իպրահիմի յայտնեց, որ սուրիական կողմերը այսօր բանակցութեան սեղան պիտի ներկայանան, «եւ ոչ ոք շաբաթ կամ կիրակի օր պիտի մեկնի»:

Share this Article
CATEGORIES