Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները հինէն ի վեր կան, սակայն տակաւին վերջերս այդ մասին յայտարարուեցաւ:
«ԻՔՐԱ» միութեան նախագահ շէյխ Պիլալ Տըքմաք յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի անդամները կը գտնուին ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ստանձնած է կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պահանջները հետապնդելու պարտականութիւնը:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, շիի համայնքին յատկացուած զոյգ նախարարութիւններէն մէկը զօր. Աունին զիջելու միտում կայ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող հարցերը լուծելու նպատակով խորհրդակցութիւնները առկայ են:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երկուշաբթի երեկոյեան Պնաշհիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը:
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ «Պու Խալիլ» հանրախանութը երէկ ստացած է պայթումի սպառնալիք մը, որուն պատճառով բանակը անոր շուրջ որդեգրած է ապահովական խիստ միջոցառումներ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տիրող բարդ կացութեան հետեւանքները կրող երկիրը:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ Արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իրենք ոչ մէկ ջանք կը խոչընդոտեն, եթէ այդ ջանքերը կը միտին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութիւնը: Ան աւելցուց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ձախողութիւնը Լիբանանի վրայ պիտի ունենայ իր ժխտական ազդեցութիւնը:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան պատասխանատու Ֆայեզ Շքըր նշեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումները Լիբանանը թիրախ դարձնող դաւադրութեան մաս կը կազմեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է իսկապէս ըլլայ ամբողջական կազմ մը` աւելցնելով, որ իրենք կը մեղադրեն իրենց դաշնակիցները, որոնք զլացած են համախմբումին հետ խորհրդակցիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք արդար կը տեսնեն հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին այն որոշումը, թէ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ նախարարութիւնները համայնքներուն միջեւ պէտք է հերթափոխութեան ենթարկել: Ան նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքը նոյնը կը մնայ` կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրին իմաստով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կասեցնող արտաքին որոշում մը կայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կրնայ կառավարութիւն չկազմուիլ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի աղբիւրներէն, նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը վերադարձած են զերօ կէտին:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ոստիկանութիւնը երէկ յայտնեց, որ Թեքսասի մէջ լիբանանցի Ռահատ Իզէտտինի (43 տարեկան) եւ անոր դուստրերուն` Լէյլայի (9 տարեկան) եւ Զէյնապի (4 տարեկան) սպանութեան մասին բացուած հետաքննութիւնները փաստած են, որ Ռահատ Իզէտտին սպաննած է իր դուստրերը եւ ապա անձնասպանութիւն գործած:

