Շարպել. «Թրիփոլիի Մէջ Ամբողջական Կայունութիւն Կարելի Չէ Հաստատել Առանց Շրջանը Ապազինելու»

sharbel_marwan

Շարպել` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ մերթ ընդ մերթ բռնկող զինեալ բախումները կարելի չէ կասեցնել, որովհետեւ Թրիփոլիի կայունութիւնը սովորական զինադադար մըն է, որ կրնայ որեւէ ատեն խախտիլ:

«Թրիփոլիի մէջ ամբողջական կայունութիւն կարելի չէ հաստատել առանց շրջանը ապազինելու», ըսաւ Մարուան Շարպել:

Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ ապահովական խախուտ կացութիւն` ընդգծելով, որ անոր դէմ դնելու լաւագոյն ձեւը ազգային երկխօսութիւն կատարելն է:

Շարպել կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական այս կամ այն ուժը կառավարութեան մէջ նկատի չունենալով երկրին հարցերը բարդացուցած կ՛ըլլանք:

Ականուած ինքնաշարժները բացայայտելու գծով ապահովութեան ուժերուն կարողութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել շեշտեց, որ անոնք կարիքը ունին գերարդիական սարքերու` ընդգծելով, որ ապահովութեան ուժերուն կողմէ զետեղուած անցարգելներուն վրայ կարելի չէ ինքնաշարժները մանրազնին խուզարկութեան ենթարկել:

Share this Article
CATEGORIES