Զօր. Աուն Հէյլի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերէին թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ շրջանին:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Պոզեք Վոժսիէ: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:

Զօր. Աունի ունեցած զոյգ հանդիպումներուն  ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:

Share this Article
CATEGORIES