Զօր. Սերրա Այցելեց Զօր. Քահուաժիի Եւ Ապպաս Իպրահիմի

Զօրավարներ Սերրա եւ Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց սահմանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժի փոխադարձ գործակցութիւնը շատ կարեւոր նկատեց սահմանամերձ շրջաններու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին ընդունեց զօր. Սերրան:
Քննարկուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջեւ գործակցութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

