Փոլ Այանեան Բողոքի Նամակ Մը Յղեց Մարուան Շարպելի

Փոլ Այանեան
Հիմնուելով քաղաքացիական որոշ մտահոգութիւններու վրայ` Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան նամակ մը յղեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելին, անոր ուշադրութեան յանձնելով լիբանանցի քաղաքացին յուզող հիմնական երկու հարցեր եւ խնդրելով լուծել զանոնք:
Նամակին մէջ Փ. Այանեան նշեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին հրավառութիւնը հիմնական հարցի վերածուած է, որովհետեւ անիկա կը խանգարէ քաղաքացիին հանդարտութիւնը եւ երկրին անդորրը:
Նամակին մէջ նշուեցաւ, որ այս իրականութիւնը աւելի եւս շեշտուած կերպով կը ներկայանայ Ժունիէի շրջանին մէջ` նկատի ունենալով, որ հոն կը գտնուին բազմաթիւ ճաշարաններ եւ սրճարաններ:
«Բայց եւ այնպէս, այդ շրջանին մէջ կան նաեւ բնակարանային համալիրներ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուող այս հրավառութիւնները կը խանգարեն բնակիչներուն հանգիստը` անոնց վախ եւ հոգեկան տագնապ պատճառելով», նշուեցաւ նամակին մէջ:
Փ. Այանեան անհրաժեշտ նկատեց, որ այս մտահոգութեան իմաստով Շարպելի կողմէ գործնական քայլերու դիմուի, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ օրինական քայլեր որդեգրուին եւ արգիլուի հրավառութիւն կատարելու այս սանձարձակ դրութիւնը:
Փ. Այանեան առաջարկեց, որ խիստ պատիժներ որդեգրուին` այդ երեւոյթը արգիլելու նպատակով, ինչպէս նաեւ հրավառութիւն կատարելու արտօնագիրներ չտրուին: Ան նշեց, որ օրէնքը խախտողը պէտք է հինգ միլիոն լ. ոսկի տուրք վճարէ եւ 24 ժամ բանտարկուի:
Այս հարցէն բացի, Փ. Այանեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մայրուղիներուն վրայ սուրացող մոթորսիքլեթներու երեւոյթին` նշելով, որ անոնք իրենց կարգին կը խանգարեն քաղաքացիներուն հանգիստը:
Փոլ Այանեան կարեւոր նկատեց, որ այդ մոթորսիքլեթներուն սեփականատէրերը եւս տուգանումի ենթարկուին` սուրալու եւ աղմուկ պատճառելու պարագային:
Փ. Այանեան իր նամակը եզրափակեց մաղթելով, որ Մարուան Շարպել ճիգ չի խնայեր լուծելու վերոնշեալ հարցերը եւ յաւելեալ հանդարտութիւն ու կայունութիւն ապահովելու լիբանանցի քաղաքացիներուն:

