Սալամ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հէյլ եւ Սալամ
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Սալամի այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն նախագահեց պետական նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսօ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող շարք մը հարցեր:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Սալամի մօտիկ աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ Սալամ սպառնացած է մօտիկ ապագային առանց Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան նոր կառավարութիւն մը կազմել, եթէ Հըզպալլայի դաշնակից ուժերը շարունակեն մերժել ներկայիս առաջարկուած կառավարութեան տարազը:
CATEGORIES Լիբանանեան

