Նախագահ Սլէյման Հետեւեցաւ Թրիփոլիի Կացութեան Եւ Նաամէի Աղբանոցի Թղթածրարին Լուծման Քայլերուն

Նախագահ Սլէյման կը պարգեւատրէ Ուաթքինզը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Թրիփոլիի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին քննարկեց շրջանին մէջ տիրող կացութիւնն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարունակեց քննարկել Նաամէի աղբանոցի թղթածրարը լուծելու քայլերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ռոպըրթ Ուաթքինզ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Սլէյման գնահատեց Ուաթքինզի աշխատանքը եւ զայն պարգեւատրեց Մայրիներու «Քոմոնտոր» շքանշանով:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրավիճակն ու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին աշխատանքները:

